Մեր Առաքելութիւնը

Մեր առաքելութիւնն է մեր ժողովուրդին ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն ծառայել, թէ՛ Գանատայի եւ թէ՛ ծովերէն անդին: Համաշխարհային այս առաքելութիւնը կատարելու համար, մենք սերտօրէն կը գործակցինք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հետ, օժանդակելու համար շարք մը կրթական, աւետարանչական, նպաստի, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցի եւ մանկական խնամքի հոգատարներուն աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ: Մեր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը կարելի դարձաւ Աստուծոյ շնորհիւ, ինչպէս նաեւ անհատներու նուիրատութիւններով եւ եկեղեցիներու միջոցաւ:

Մեր Մասին

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) Պետականօրէն ճանաչում ստացած բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է: Մենք մեր արտօնագիրը #890624190 RC0001 ստացած ենք 7 Սեպտեմբեր, 1984-ին:

1) ԳՀԱԸ-ի նպատակն է օգնել Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդին որպէսզի աճին իրենց քրիստոնէական կեանքին մէջ եւ քաջալերել զանոնք հաստատ մնալու իրենց նախահայրերու հաւատքին մէջ:
2) 1991-ին Հայաստանը դարձաւ անկախ հանրապետութիւն եւ շատ մը ընկերա-տնտեսական հարցեր յառաջ եկան: ԱՀԱԸ-ի հետ մենք կը նպատակադրենք օժանդակել մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, իրենց հոգեւոր եւ նիւթական հարցերը լուծելու, մեր ծառայութիւններով:
3) ԳՀԱԸ կը հաւատայ, որ զօրաւոր հոգեկան եւ հոգեւոր հիմք մը կենսական է լաւ ընկերութիւն մը կառուցելու համար:
4) Մենք կը փորձենք օգնել մեր ժողովուրդին բարելաւելու համար իրենց կեանքը, անոնց հայթայթելով դրամական, կրթական, մշակութային եւ աշխատանքային օժանդակութիւն: Մեր կիզակէտը մանուկներու բարօրութիւնն է, թէեւ ընկերութեան տարբեր շերտեր նաեւ կ՛օգտուին մեր ծառայութիւններէն:

Տնօրէններու Խորհուրդ

ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐ

Նախագահ
Հռութ Տէմիրճեան Տէօնչ

Գանձապահ
Յակոբ Գաֆէսճեան

Ատենադպիր
Սեդա Զօրայեան

հոգեվոր հովիւներ

Վերապատուելի Ճօրճ Տապպօ
Պատուելի Մարտիրոս Էյլենճեան
Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան
Պատուելի Արա Պալէքճեան

ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

2026-ի Շրջանաւարտներ
Խաչիկ Օհաննէսեան
Յարութ Ներսէսեան
Սեդա Զօրայեան

2027-ի Շրջանաւարտներ
Ալիս Հաճեան
Յակոբ Գաֆէսճեան
Ռէմի Կըրկէս
Զարէհ Սարմազեան

2028-ի Շրջանաւարտներ
Տարըն Կէցոյեան
Վարուժ Պետրոսեան
Հռութ Տէմիրճեան Տէօնչ

ԱՀԱԸ

Նախագահ
Իրաւաբան Կէրի Ֆիլլիփս

Գործադիր Տնօրէն
Սերժ Պուչաքճեան

Հայաստանի Ներկայացուցիչ
Առէն Տէյիրմէնճեան

ՀԱՀԱՄ

Միութեան Հովիւ
Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան