Աւելի լաւ է տալը,
քան թէ առնելը
Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի.
Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք»:
Աւետարան ըստ Մատթէոսի 25.40
Մեր Առաքելութիւնը
Մեր առաքելութիւնն է մեր ժողովուրդին ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն ծառայել, թէ՛ Գանատայի եւ թէ ծովերէն անդին: Համաշխարհային այս առաքելութիւնը կատարելու համար, մենք սերտօրէն կը գործակցինք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)-ն հետ, օժանդակելու համար շարք մը կրթական, աւետարանչական, նպաստի, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցիներու եւ մանկական խնամքի հոգատարներուն աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ: Մեր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը կարելի դարձաւ Աստուծոյ շնորհիւ, ինչպէս նաեւ անհատներու նուիրատութիւններով եւ եկեղեցիներու միջոցով:
Մեր Մասին
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) Պետականօրէն ճանաչում ստացած բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է:
Մենք մեր արտօնագիրը #890624190 RC0001 ստացած ենք 7 Սեպտեմբեր, 1984-ին:
«Երանի՜ անոր՝ որ չքաւորին ուշադրութիւն կը դարձնէ.
Ձախորդութեան ժամանակ Տէրը պիտի ազատէ զինք».
Սաղմոս 41.1։
Շնորհակալ ենք ձեր հոգատարութեան համար

Վճարագիրներ
Կը խնդրուի վճարագիրները
ղրկել հետեւեալ հասցէին՝
AMAC @ 11455 Rue Drouart, Montréal, QC, H3M 2S6, Canada.
Interac փոխանցում
Էլ-փոստ՝ amacinc84@gmail.com
Նամակ՝ կը խնդրուի նշել Ձեր անունը, ամբողջական հասցեն եւ շահառու ծրագիրը/առաքելութիւնը:
ԱՌՑԱՆՑ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Կ’Օգնենք Հայաստանի եւ Սփիւռքի Մեր Հայրենակիցներուն
«Որովհետեւ անօթեցայ՝ եւ ուտելիք տուիք ինծի, ծարաւցայ՝ ու խմցուցիք ինծի, օտարական էի՝ ներս ընդունեցիք զիս»…
Մատթէոս 25:35
Դարձի՛ր Կամաւոր Այսօր
Դուն քու ժամանակդ եւ կարողութիւններդ կրնաս ներդնել Հայաստանի մէջ բնակող կարիքաւոր մարդոց ծառայելու գործին մէջ։
Նորութիւններ
ԳՀԱԸ-ի Հանգանակային Ճաշկերոյթը համախմբեց համայնքը՝ ի նպաստ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն
27 Սեպտեմբեր 2026-ին, 115 հոգի հաւաքուեցաւ Թորոնթոյի Լարազ Ճաշարանին մէջ՝ մասնակցելու Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԳՀԱԸ) Հանգանակային Ճաշկերոյթին։
Հաւատքի, Հաղորդակցութեան եւ Առաքելութեան Օր մը Քինկսթընի մէջ
Սեպտեմբեր 19-ին, Գանատայի տարբեր կողմերէն հայ աւետարանականներ համախմբուեցան Քինկսթըն՝ մասնակցելու Հայ Աւետարանական Օրուան, որ կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ։
Յոյսի Փարոս Այնճարէն: Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան Կ’այցելէ Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեց Վեր. Յակոբ Ագպաշարեանին:
Միասին Ծառայե՛նք Մեր Ժողովուրդի Կարիքներուն
1 416 434 5809; 1 514 947 2346
«
Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ ինչպէս որոշած է իր սիրտին մէջ,
ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ հարկադրաբար. որովհետեւ Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը:
2 Կորնթացիս 9.7



