Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Մայիս 2025, Երկուշաբթի, ընդունեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանն ու Ստանպուլի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն:

Յարգելի հիւրը յայտնեց, որ քաղաքս այցելութեան նպատակն է Քամբ Արմէնի շինարարական գործընթացը տեղւոյն վրայ տեսնել: Նոյն առթիւ փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունենալ Նորին Ամենապատուութեան հետ:

Մեր Հոգեւոր Պետը նախ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, ապա ըսաւ թէ Քամբ Արմէնը համայնքի մէկ գոյնն էր եւ եթէ յաջողութեամբ աւարտին շինարարական աշխատանքները՝ համայնքը պիտի վերատիրանայ անոր: Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ըսաւ թէ մեծապէս գնահատելի է սատարել նման աստուածահաճոյ աշխատանքի մը, որուն պատճառելիք հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը պիտի ըլլան ողջ մերազն ժողովուրդին: Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ Վերապատուելի Աղապալօղլուի գլխաւորութեամբ բոլոր երախտաւորները: Յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց իրենց: Իսկ Յարութ Ներսէսեանին շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարի կեցութիւն մաղթեց քաղաքիս մէջ:

Պատրիարքութիւն Հայոց