Հրաւէր
📣 Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը սիրով կը հրաւիրէ Թորոնթոյի եւ Մոնրեալի հայ հասարակութիւնը մասնակցելու խոր մտածումի մղող եւ ոգեւորիչ 2 ներկայացումներու, որ պիտի ներկայացնէ Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան, Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնը:
🎓 Վեր. Ակպաշարեան պիտի խօսի Լիբանանի մէջ գործող հայ դպրոցներու առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն մասին՝ յատուկ ուշադրութեամբ անդրադառնալով Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանին եւ Գիշերօթիկ դպրոցին, որուն տնօրէնն է ինք:
🥤 Ներկայացումէն ետք, հրաւիրեալները կարելիութիւն պիտի ունենան զրուցելու Վեր. Ագպաշարեանի հետ՝ հիւրասիրութեան մը ընթացքին:

