Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեց Վեր. Յակոբ Ագպաշարեանին՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէնը եւ պատմական գիշերօթիկ դպրոցի վերակացուն, երկու ոգեշնչող ձեռնարկներու համար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ։ Սոյն ձեռնարկներուն ընթացքին, Վեր. Ագպաշարեան ներկայացուց Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանին եւ գիշերօթիկ Դպրոցին առաքելութեան եւ բերած ծառայութիւններուն մասին։
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13-ին, ԳՀԱԸ առաջին ձեռնարկը իրականացուց Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ։ Ծրագրի մէջ նեռարուած էին Ալին Թոփճեան Պչակճեանի, Տօքթ. Ռազմիկ Պէպէճեանի եւ Թալին Երեմեանի ոգեշնչող երաժշտական կատարումները, իսկ Զելա Սարմազեան-Կակուսեան հանդէս եկաւ որպէս ձեռնարկի արարողավար: Պատուելիներ Զոհրապ Սարգիսեան եւ Արա Պալըքճեան աղօթքներ բարձրացուցին՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցելով Այնճարի ծառայութեան վրայ։
Կիրակի, Սեպտեմբեր 14-ին, երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին մէջ: Ձեռնարկի արարողավար էր Սալբի Ներսէսեանը: Ձեռնարկի մթնոլորտը հարստացաւ Անդրանիկ Բոշողլեանի տուտուկի եւ Գարնօ Սիմոնեանի սաքսոֆոնային հոգեհարազատ մեղեդիներով, որոնք առաւելապէս ներշնչեցին ներկաները։ Վեր. Ճորճ Տապպօ եւ պատուելի Մարտիրոս Էյլէնճեանը աղօթքներ բարձրացուցին՝ միացնելով սրտերը՝ Այնճարի առաքելութեան աջակցության համար։
Վեր. Յակոբ եւ Տիկ. Նանոր Ագպաշարեան: Ծառայութեան Համագործակցութիւն
1986-ին Պէյրութ ծնած Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան կը ծառայէ իբրեւ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ եւ Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի (ԱՀԱԵՎ) տնօրէն։ Թէեւ իր առաջին ձգտումը բժշկութեան ուղղուած էր, 2004-ին պատասխանեց Աստուծոյ կանչին՝ ընդունելով հովուական ծառայութիւնը։ Հետագային ստացաւ հոգեբանութեան վկայական Հայկազեան համալսարանէն եւ աստուածաբանութեան մագիստրոս վկայական Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցէն (NEST)։ Որպէս տաղանդաւոր ուսուցիչ եւ խորհրդատու՝ իր կեանքը նուիրած է ամբողջական կրթութեանը, աշակերտներու զորացմանը, բազմազանութեան եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան զարգացումին։
Անոր կողքին կը ծառայէ անոր կինը՝ Տիկ. Նանոր Աքբաշարեան, բուժքոյր եւ գիշերօդիկ դպրոցի նուիրեալ տնօրէնուհի։ Անխոնջ նուիրուածութեամբ ան կ՛ապահովէ ապահով եւ խնամող միջավայր ամէնխոցելի մանուկներու համար՝ որոնք կը կրեն աղքատութեան, անտեսման և պատերազմի սպիները: Անոր աշխատանքը կեդրոնական դեր ունի դպրոցի առաքելութեան՝ մատուցելով խնամք եւ արժանապատուութիւն ամէն մանուկի, որ վստահուած է դպրոցին։
Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարան (ԱՀԱԵՎ)
1942-ին հիմնադրուածէն ի վեր, ԱՀԱԵՎ-ը կանգնած է իբրեւ հաւատքի եւ տոկունութեան հենարան Այնճարի համայնքի մէջ՝ մատուցելով որակաւոր կրթութիւն նախադպրոցական դասարաններէն մինչեւ երկրորդական կարգեր։ Վարժարանը ծանօթ է իր ներգրաւիչ ծրագրերով, ինչպէս՝ Robotics, Peace Education, Design for Change, WeNEEDle, and Seeds of Hope:
Այս ծրագրերը կը խթանեն ստեղծագործութիւն, պատասխանատւութիւն եւ քրիստոնէական արժէքներ, պատրաստելով աշակերտները ծառայելու իմաստութեամբ եւ կարեկցանքով։
Գիշերօթիկ Դպրոց՝ Սիրոյ եւ Խնամքի Ապաստան
1947-ին հիմնադրուած Գիշերօթօկի բաժինը կը մնայ միակ հաստատութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի սփիւռքի մէջ, որ միաժամանակ կրթութիւն եւ բնակարանային խնամք կը տրամադրէ։ Ան կը շարունակէ ծառայել անբարենպաստ պայմաններէ եկող մանուկներուն՝ որբերուն, կիսաորբերուն եւ այն մանուկներուն որոնք կրնան ունենալ աղքատութեան, անտարբերութեան եւ պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած սպիներ։ Գիշերօթիկ դպրոցը ոչ միյայն կ՛ապահովէ ապաստան եւ սնունդ, այլ նաեւ սէր, ապահովութիւն եւ յոյս:
Բուժման Նաւահանգիստ: Երիտասարդ Կեանքերու Վերականգնում
ԱՀԱԵՎ-ի ամենէն փոխակերպիչ նախաձեռնութիւններէն մէկը «Բուժման Նավահանգիստ»-ն է՝ ապահով միջավայր մը, ուր խոցելի մանուկները կը ստանան զգացական եւ մտաւոր ապաքինում։ Մասնագիտական խորհրդատուութեան, ստեղծագործական բուժումներու, խմբային աջակցութեան եւ արտայայտչական արուեստներու միջոցաւ՝ մանուկները կը վերագտնեն իրենց ձայնը, ժպիտը եւ ուժը։ Այս ամբողջական եւ բազմակողմանի միջավայրին մէջ հոգեբանական ցնցումը կը նահանջէ տեղ տալով բուժման, իսկ յուսահատութիւնը կը փոխարինուի յոյսով։
Իւրաքանչիւր վերագտնուած ժպիտ, իւրաքանչիւր արցունք որ արտայայտուած է բառերով,
իւրաքանչիւր նկար, որ կը գերազանցէ երկիւղի ձայնը՝ վկայութիւն է այս ծառայութեան կեանք փոխող ուժին մասին։ Այս առաքելութիւնը շարունակելու համար, տարեկան անհրաժեշտ է $35,000՝ աշխատավարձերու, բուժման նիւթերու, գործառնական ծախսերու եւ ծրագիրի զարգացման ծախսերը ծածկելու համար։
Կանչ դԷպի Գործողութիւն
Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած ձեռնակներուն ներկայ գտնուող հանդիսատէսները հեռացան ոգեշնչուած՝ Վեր. Ագպաշարեանի վկայութենէն ինչպէս նաեւ ԱՀԱԵՎ-ի եւ Գիշերօթիկ Դպրոցի յոյս ներշնչող ծառայութիւններուն լուսաբանումով։
ԳՀԱԸ կը հրաւիրէ բոլոր գանատահայերը միանալու այս աստուածահաճոյ եւ սուրբ գործին մասնակից դառնալու:
Միասին մենք կրնանք տկար եւ չարաշահուած մանուկներուն առիթ հայթայթել բուժուելու, ուսում ստանալու եւ ապագայ կառուցելու որ Աստուծոյ շնորհքով ձեւաւորուած է։
👉 Յոյս պարգեւեցէ՛ք այսօր – ձեր նուէրը կրնայ մանուկի մը ապագան փոխել:

