Կրթանպաստ


ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՉՔԱՒՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրութենէն (1984) էն ի վեր, իր նիւթական նպաստը կը բերէ Մերձաւոր Արեւելքի Վարժարաններուն մէջ նպաստընկալ ուսանողներու թիւին համաձայն, դպրոցին 400 տոլար կրթանպաստ հայթայթելով:

Մեր դպրոցներուն մէջ կը պահենք աւելի քան 100 սան-սանուհիներ եւ օգտակար կը դառնանք մեր կրթական օճախներուն, որ բաց պահեն իրենց դռները անխտիր բոլորին համար: