Մանկապարտէզներ

Մանուկ ուղեղները ամենէն աւելի տպաւորուող են եւ աճողական: Ասկերանի (Արցախ) մանկապարտէզը մեկենասութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԳՀԱԸ) քոյր կազմակերպութիւններու, որ իր բացումը կատարեց 2002-ին, յանձնառու է իր աշակերտներուն հայթայթել անհրաժեշտ օժանդակութիւնը, յաջորդ դասարան անցնելու համար:

Արցախի մանկապարտէզի ուսուցիչներուն նպատակն է իւրաքանչիւր 70 աշակերտներուն մղել որ յառաջանան, անոնց հայթայթելով լաւ կազմակերպուած եւ խանդավառ ուսանելու մթնոլորտ մը: Տաղանդաւոր ուսուցիչները կը խնամեն երեխաները, որպէսզի դառնան յարգալից, ինքնավստահ եւ ուրախ ուսանողներ:

ԱՀԱԸ/ԳՀԱԸ Մանկապարտէզը Ասկերանի մէջ պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ 2018-ին «ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ Տէր եւ Տիկին Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեան Մանկապարտէզ», ի բարի յիշատակ ԳՀԱԸ հիմնադիր անդամներէն եւ երկար տարիներու գանձապահ Պրն. Յակոբ Պասմաճեանի (Մոնթրէալ) ծնողաց:

Հասցէ՝ ք.Ասկերան, Շահումյան 72,  հեռ. 04767726։

Ընթերցէ՛ք նաեւ՝
Ասկերանի Մանկապարտէզի Անուանակոչումը