Սուրբ Ծննդեան նուէրները պատրաստ են…
Գրեթէ 4 օր, մօտ 100 կամաւորի ժրաջան ծառայութիւն, եւ Սուրբ Ծննդեան 12000 նուէրները պատրաստ են ուղեւորուելու Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 30 բնակավայրեր, որոնց մէջ նաեւ՝ սահմանամերձ գիւղեր:
Երկար տարիներ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի եւ Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւններու նախաձեռնութեամբ, Մեր Տէր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Բարի Լուրը Հայաստանի եւ Արցախի հազարաւոր մանուկներու համար իւրայատուկ կը դառնայ նաեւ նուէրներու շնորհիւ:
Գրենական պիտոյքներով, առողջապահական պարագաներով ու տարբեր տեսակի խաղալիքներով լեցուած պարկերը օրեր ետք կը բաժնուին անապահով ընտանիքներու երեխաներուն, Սուրբ Ծննդեան մեր ձեռնարկներուն ընթացքին:
Վերջին քանի մը տարիներուն, ԱՄՆ-էն նուէրներ ձեռք բերելու, զանոնք Հայաստան տեղափոխելու եւ փաթեթաւորման ամբողջ գործընթացը կազմակերպելու ծառայութիւնը կ՛իրականացնէ Ալ Ճիպիլեանը։ Այս տարի իր հետ ԱՄՆ-էն Հայաստան ժամանած են նաեւ եօթը կամաւորներ, որոնք մասնակցած են փաթեթաւորման ամբողջ աշխատանքին: Կամաւորները համոզուած են, որ Փրկչի Ծննդեան Աւետիսը լսող Երեխաներուն այդ նուէրները կը յիշեցնեն Աստուծոյ սիրոյ, ողորմութեան եւ հոգատարութեան մասին: