ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻՆ
Ամբողջ անցեալ շաբթուայ ընթացքին Ազերի-թուրք համատեղ ահաբեկչական յարձակումը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, ահագնօրէն մագլցում արձանագրեց, ռմբակոծելով գիւղաքաղաքներ, քաղաքացիական ենթակառոյցներ, եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ շրջանի ամբողջ տարածքին:
Մահացողներու թիւը եւ քանդումները երթալէն կ՛աճին աներեւակայելի չափերու հասնելով, բան մը որ չէ տեսնուած այն օրէն, երբ Արցախ հռչակեց իր անկախութիւնը, ազատ, ժողովրդավարական, ինքնորոշման հանրաքուէով, 1991-ին:
Կացութեան ստիպողականութիւնը անհաւատալի է, ինչ որ կ՛առաջնորդէ մարդկային սուր աղէտի:
Վերոյիշեալները նկատի առնելով եւ նաեւ նկատի առնելով որ Հայաստանն ու Արցախը կենաց եւ մահու պատերազմի մէջ են, Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնները կը յատկացնեն մէկ միլիոն ԱՄՆ տոլար (US $ 1,000,000) որպէս մարդասիրական, օգնութիւն եւ բժշկական օժանդակութիւն Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին միջոցաւ:
ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ միասին պիտի շարունակեն դրամահաւաքը սատարելու համար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրենց ծաւալած ընդարձակ ծառայողական գործունէութեան, որ կը շարունակուի 1988-ի երկրաշարժէն ի վեր:

