Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս»
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ին, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAC), տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի Շնորհանդէսը, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Հոգեւոր Հայրերու, Գաղութի Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներու, Յարգարժան Հիւրերու եւ Ընթերցասէր Թորոնթոհայերու։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պարոն Միհրան Ճիզմէճեան։
Գլխաւոր բանախօս՝ Տոքթ. Անի Հասըրճեան գիրքի բովանդակ ներկայացում — վերլուծումը կատարեց պարբերաբար, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ հեղինակին կենսագրականը եւ եղան ընթերցումներ գիրքի յօդուածներէն։ Նաեւ երաժշտական գեղարուեստական կատարումներ եղան յայտագրի ընթացքին։
Կենսագրութիւնը ներկայացուց Ալին Սարմազեան։ Ընթերցումները ըրին Կապրիէլլա Պաթիկեան, Զէլա (Սարմազեան) Գագուսեան, Ռէմի Կըրկէս, Փաթիլ Մկրտիչեան եւ Իրմա (Գապաքեան) Տէտէեան։
Եկեղեցւոյ երգչախումբէն խմբակի մը կատարումով, ղեկավարութեամբ՝ Սօնա Հովսէփյանի եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Տոքթ. Ռոբովդ Ապտալեանի «Շրջեցայ Տէր իմ Աստուած» երգը հրամցուեցաւ։
Կոմիտասի «Կռունկ»ը Ջութակով նուագեց Գաթրին Գանտահարեան, Դաշնակի ընկերակցութեամբ Սօնա Հովսէփյանի։
Դոկտ. Ճէպէճեանի ընկերներէն Խաչիկ Տէտէեան «Սրտի խօսքով» հանդէս եկաւ։
Գիրքի ներկայացումի վերջաւորութեան Տոքթ. Հասըրճեան բեմ հրաւիրեց՝ «Ջանից» Երիտասարդական Քրիստոնէական Ընկերակցութեան իր վաղէմի բարեկամը՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, իր խորհրդակցութիւններն ու տպաւորութիւնները բաժնեկցելու։
Դոկտ. Ճէպէճեան երախտագիտական արտայայտութիւններէ ետք եզրակացուց իր խօսքը ըսելով՝ «Մենք Սփիւռք եւ Հայաստան գոյապայքարի ուղղին մէջ, միասին համագործակցելով յառաջ պիտի երթանք։»
Ձեռնարկի աւարտին Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի փակման խօսքէն ետք, AMAC-ի եւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ Հռութ Տէմիրճեան Տէօնչ եւ Պատուելի Սարգիսեան յուշանուէր մը յանձնեցին Դոկտ. Ճէպէճեանին։
«Հայր Մեր» Տերունական եւ «Օրհնութեան» աղօթքներով ձեռնարկը աւարտեցաւ։ Ապա ներկաները ուղղուեցան Վեր. Մովսէս Ճանպազեան Սրահ հիւրասիրութեան եւ Հեղինակին կողմէ գիրքերու մակագրման։
Տոքթ. Անի Հասըրճեան

